Ստեփան Տէտէեան (1827-ի շուրջ-1906) եւ Տիգրան-Յարութիւն Տէտէեան (1832-1868)

Զմիւռնիոյ «Տէտէեան» հրատարակչատունը, 1853-1892

Հեղինակ՝ Ճենիֆըր Մանուկեան, 12/08/21 (վերջին փոփոխութիւն՝ 12/08/21), թարգմանութիւն՝ Վարուժ Թէնպէլեան

Նախաբան

1868 Դեկտեմբերին, Զմիւռնիա քաղաքին մէջ կը մահանար 36-ամեայ երիտասարդ մը: [1] Իբրեւ թարգմանիչ եւ գրող, շարող եւ սրբագրող, մամլոյ տնօրէն եւ հրատարակիչ, տասնհինգ տարուան գրեթէ անընդհատ աշխատանքը վերջապէս կը զգետնէր զինք: Այս երիտասարդը՝ Տիգրան-Յարութիւն Տէտէեանը, իր բոլոր ճիգերը թափած էր իր հրատարակչատան մէջ: Ան առաջինն էր, որ կը ժամանէր առաւօտեան եւ գիշերը կ'ըլլար վերջինը գացողը. նոյնիսկ 1865-ի քոլերայի համաճարակը խոչընդոտ մը չէր հանդիսացած ամէն օր աշխատանքի գալու: [2] «Հանգիստ առնուլ չէր գիտեր», կը նշէ իր ընկերնէրէն մէկը: «Իրեն համար չկար ուրիշ զբաղում, ուրիշ զուարճութիւն, աշխարհ համայն կը կայանար իր տպարանին մէջ»: [3] Բայց որքան որ հրատարակչատունը կ'աճէր, կը ծաղկէր ու կը բարգաւաճէր, այնքան կը նիհարնար, դալկահար ու ուժասպառ կը դառնար Տիգրան-Յարութիւնը: «Գիտե՞ս ինչ է սրտիս ամենամեծ ցաւը», կ'ըսուի, որ ան յայտնած է մահուան անկողնին մէջ՝ ծոցին մէջ դէզ մը սրբագրելի էջեր պահած, եւ գրիչ մը մատներուն միջեւ: «Կը տեսնե՞ս սա ոսկիները…գործերն հոն հասուցած էի՝ որ գրեթէ ամեն շաբաթ կանոնաւոր կերպով այսպիսի գումար մը կու գար ինձ Պօլիսէն, Թիֆլիզէն, Էրզրումէն, Երուսաղէմէն, եւն. եւ տպարանին այս բարգաւաճ վիճակին մէջ, աւա՜ղ, պիտի ձգե՜մ երթա՛մ»: [4]

1853-ին, երբ Տէտէեան կը բանար իր հրատարակչատունը, առեւտրական այսպիսի յաջողութիւն շատ անհաւանական կը նկատուէր: Հայկական հրատարակչութիւնը Զմիւռնիոյ կամ ընդհանրապէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ, նորութիւն չէր, բայց յաջողութեան հասնելու համար շարք մը ընկերային խոչընդոտներ կային: Հայ բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը անգրագէտ էր. դպրոցները, որոնք կրնային նպաստել գրագիտութեան տարածումին, սակաւաթիւ էին, եւ դարաւոր այն նախապաշարումը, որ միայն հոգեւորականները իրաւունք ունէին ընթերցելու, դեռ նոր հարցականի տակ կ'առնուէր: Պաշտօնական կրթութիւն ստացած եւ գրագիտութիւն ձեռք բերած ու բազմաթիւ լեզուներու տիրապետած Տէտէեանի նման մտաւորականները եւ անոր համախոհ ժամանակակիցները համեմատաբար հազուադէպ էին օսմանահայ բնակչութեան մէջ, եւ ընդհանրապէս կեդրոնացած՝ ծովեզերեայ Զմիւռնիա եւ Պոլիս քաղաքներուն մէջ: Անոնց ազդեցութիւնը, սակայն, շատ մեծ էր: Անոնք ի գործ կը դնէին տպագիր բառը՝ թէ՛ անուղղակիօրէն եւ թէ բացայայտօրէն պաշտպանելու զանգուածային գրագիտութեան կարեւորութիւնը, տեղեկութեան տարածման անհրաժեշտութիւնը եւ ազգային հասարակական կենսունակ միջավայրի մը ստեղծումը: Տէտէեան հրատարակչատունը, որ գործած է 1853-1892 տարիներուն, կը հանդիսանար այդ համոզումները պահող հաստատութեան մէկ կարեւոր օրինակը: Այս յօդուածով, կը քննարկեմ, թէ ինչպէ՞ս Տէտէեան հրատարակչատունը  իր հրատարակութիւնները օգտագործած է թէ՛ օսմանահայերը լուսաւորելու իրենց կայսերական սահմաններէն դուրս գտնուող աշխարհին մասին, եւ թէ անոնց մէջ սերմանած է հայկական ազգային հաւաքականութեան մը պատկանելու զգացողութիւն:

Այս առաքելութիւնը կապուած էր տասնիններորդ դարու կէսերուն աւելի ընդհանրացած այն տեսակէտին, որ հայերու մէջ ընթերցասիրութեան, ուսման եւ տեղեկութեան տարածումը կը յանգի ազգային յառաջադիմութեան՝ բազմակողմանի իտէալ մը, որ այդ օրերուն, գերակշիռ տեղ կը գրաւէր օսմանահայ մտաւորականութեան մէկ հատուածին մօտ: [5] Տէտէեանի եւ անոր ժամանակակիցներէն շատերուն համար, յառաջադիմութեան նմուշը կը հանդիսանար Արեւմտեան Եւրոպան, որ, անոնց կարծիքով, կը ներկայացնէր ընկերային-մշակութային այն վերջնական ձեւակերպումը, որուն պէտք է հետեւէին սեփական ընկերութեան վերակազմաւորման աշխատանքին ընթացքին: Թէեւ այս աշխարհայեացքը անհերքելիօրէն եւրոպակեդրոն էր, բայց կարեւոր է ճանչնալ եւ ընդունիլ հայ մտաւորականութեան անհերքելի դերակատարութիւնը ընկերային փոփոխութիւն առաջադրող այս ծրագրին մէջ: Անոնք առանց քննական մօտեցումի չէին ընդօրինակեր արեւմտեան եւրոպացիները: Ընդհակառակն, անոնք կ'ընտրէին արեւմտեան եւրոպական ընկերային, քաղաքական եւ մտաւոր մշակոյթի այն կողմերը, որոնք, իրենց կարծիքով, կրնային օգուտ բերել օսմանահայերուն՝ մերժելով այլ կէտեր, զորս անոնք կը նկատէին վնասակար կամ այլապէս ոչ օգտակար: Ընթերցասիրութեան ճամբով գիտելիքներու տարածումը եւ հանրային կեանքին մէջ ժողովրդային մասնակցութիւն ապահովելու անոնց ուղղուածութիւնը կը նկատուէին արեւմտեան եւրոպական հաւաքական մշակոյթի լաւագոյն երեսներէն, եւ այդպիսով որդեգրուած եւ յարմարցուած էին օսմանահայ միջավայրին: Որդեգրումի եւ յարմարեցման այս գործընթացին մէջ քանի մը միջոցներ նոյնքան կարեւոր էին, որքան հրատարակչատունը: [7]

Տէտէեան հրատարակչատան հիմնադրութիւնը

Տէտէեան հրատարակչատունը հիմնուած է 1853-ին՝ 21-ամեայ Տիգրան-Յարութիւն Տէտէեանի կողմէ: Անիկա հաստատուած էր Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասին զարկերակը նկատուած Րէշիտիէ փողոցին վրայ, թիւ 50: [8]

Տիգրան-Յարութիւն ծնած է Զմիւռնիա, 1832-ին, Մարի Մարկոսեան Ազատենցի (շուրջ 1797 - շուրջ 1875) եւ Յովհաննէս Տէտէեանի (շուրջ 1795 - շուրջ 1878) ընտանիքին մէջ, որ իր ապրուստը կ'ապահովէր Օսմանեան կայսրութենէն գիւղատնտեսական արտադրութիւններ արտածելով դէպի Եւրոպա: [9] Մանուկ տարիքին, Տիգրան-Յարութիւն յաճախած է քաղաքին Մեսրոպեան վարժարանը, որ կը գտնուէր իր վերելքին բարձրութեան վրայ, Ռուբէն Անդրէաս Փափազեանի ղեկավարութեամբ: [10] Բանաստեղծ եւ թարգմանիչ, Փափազեան եւրոպական լեզուներու ուսուցումը դարձուցած էր դպրոցին կրթական ծրագրին առանցքներէն մէկը՝ դաստիարակելով բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք հետագային պիտի առնչուէին Տէտէեան հրատարաչատան, իբրեւ գրողներ, թարգմանիչներ եւ թերթերու խմբագիրներ: [11]

Փափազեանին քաջալերանքով եւ իր հօր ու երկու եղբայրներուն՝ Արամ-Կարապետի (շուրջ 1824-1901) [12] եւ Ստեփանի (շուրջ 1827-1906) [13] դրամական օժանդակութեամբ էր, որ Տիգրան-Յարութիւն կը յաջողէր հիմնել իր հրատարակչատունը այդքան երիտասարդ տարիքին: [14] Գործի սկսելէ առաջ, Տիգրան-Յարութիւնին պէտք էր տպագրական արհեստագիտութիւն եւ մեքենաներ ձեռք բերել աշխարհի տարբեր անկիւններէն: Աղբիւրներ հակասական տեղեկութիւններ կու տան, թէ մամուլը Միացեալ Նահանգներէ՞ն կամ Ֆրանսայէն եկած էր, բայց անոր ունեցած հայկական բազմաթիւ տառատեսակները անկասկած բերուած էին Վենետիկէն, Վիեննայէն, Փարիզէն եւ Պոլիսէն: [15] Ինչպէս որ ստորեւ տրուած նկարները ցոյց կու տան, Տէտէեան հրատարակչատունը օգտագործած է շարք մը պարզ եւ նախշազարդ տառատեսակներ՝ իր հրատարակութիւնները տարբերելով նոյն ժամանակի այլ հրատարակութիւններէն: Բոլոր մասերը ձեռք բերելէ եւ մամուլը բանեցնելէ յետոյ, հրատարակչատան կը վերագրուի այն նախաձեռնութիւնը, որ ան Զմիւռնիոյ հայ գրողներուն կարելիութիւն ընձեռած է տպելու իրենց անտիպ գործերը եւ, կարծէք, ան խրախուսած է ուրիշները առաջին անգամ վերցնելու իրենց գրիչը՝ խթանելով աւելի կենսուակ եւ բազմատեսակ մտաւոր մշակոյթ մը քաղաքի հայերուն շրջանակին մէջ: [16]

Ստորեւ կը սկսիմ ներկայացնել Տէտէեան հրատարակչատան արտադրած հրատարակութիւններուն հիմնական տեսակները՝ լուսարձակի տակ առնելով որոշ նիւթեր, որոնք առիթ կ'ընծայեն մեզի ընկալելու մամուլին դերը՝ իբրեւ գիտելիքներ տարածող միջոց, եւ նաեւ՝ որպէս ազգային միասնականութիւն կառուցող ճարտարապետ: Թէեւ գրաբար եւ հայատառ թրքերէնով գրուած աշխատանքներ ալ ներկայացուած են այս գրութեան մէջ, սակայն Տէտէեան հրատարակութիւններուն մեծ մասը գրուած է նախնական ձեւիարեւմտահայերէնով: Հրատարակչատան հրապարակումներուն մէկ մասը արդէն իսկ թուայնացած է եւ դարձած հասանելի բոլորին՝ Հայաստանի Ազգային Գրադարանին եւ աշխարհի տարածքին գործող այլ հաստատութիւններու կողմէ: Կ'ընդգրկեմ յղումներ դէպի բոլոր թուայնացած պատճէնները, որոնք առկայ են Մայիս 2021-ի դրութեամբ: Հայաստանի Ազգային Գրադարանի կողմէ թուայնացուող Տէտէեան հրատարակչատան գիրքերու ցանկին անընդհատ ընդլայնումը, ներառեալ օրինակներ, որոնց քննարկումը զանց կ'ընեմ այս յօդուածին մէջ, կրնաք գտնել հոս։

Պարբերականներ

Տէտէեան հրատարակչատունը կը տպէր բազմաթիւպարբերաթերթեր՝ ամիսը մէկ, երկու կամ երեք անգամ։ Ոմանք կարճատեւ են, ուրիշներ՝ երկար տեւողութեամբ: Թէեւ իւրաքանչիւրը ունէր իր խմբագիրն ու բովանդակային ուղղուածութիւնը, բոլոր պարբերականները սակայն, կը խմբուէին ընդհանուր մէկ նպատակի շուրջ՝ նպաստել տեղեկութեան տարածման եւ ազգային գիտակցութեան զարթնումին օսմանահայերու շրջանակին մէջ: Պատմաբաններու համար այս պարբերաթերթերը կը բանան հազուագիւտ պատուհան մը այն հարցերուն մասին, որոնք տեղ գտած էին խմբագիրներուն եւ ընթերցողներուն մտքերուն մէջ: Անոնք նաեւ ցոյց կու տան, թէ խմբագիրները որքանո՞վ երկխօսութեան մէջ կը գտնուէին այլ քաղաքներու մէջ գործող իրենց պաշտօնակիցներուն հետ՝ վերահրատարակելով, քննարկելով եւ վիճարկելով յօդուածներ, որոնք լոյս կը տեսնէին Վենետիկի, Պոլսոյ, Մոսկուայի եւ այլուր հրատարակուած հայկական պարբերաթերթերու մէջ:

Այս պարբերականները կը հասնէին կայսրութեան տարբեր շրջաններուն մէջ եւ նոյնիսկ անկէ դուրս ապրող ընթերցողներու: Օրինակ, ստորեւ ներկայացուած Ծաղիկ թերթին խմբագիրը, տեղացիներէ ստացուած նամակներուն կողքին, կը տպէր նաեւ խմբագրութեան ուղղուած նամակներ՝ Զմիւռնիայէն, Պոլիսէն, Հալէպէն, Պէլէնէն, Կեսարիայէն, Մանիսայէն, Ատանայէն, Մերսինէն, Նիւ Եորքէն, Աղեքսանդրիայէն եւ Գահիրէէն: Հակառակ իրենց թերթերուն ունեցած աշխարհագրական հասանելիութեան, խմբագիրներ յաճախ կը դժգոհէին բաժանորդագրութեան ցած համեմատութիւններէն եւ բաժանորդագին չվճարող ընթերցողներու առկայութենէն: Այս պարբերաթերթերուն մէջ հազուադէպ չեն պարագաները, երբ խմբագիրներ իրենց ընթերցողներէն հրապարակաւ կը պահանջէին ուղարկել իրենց ունեցած պարտքերը, եւ ամիսներու ընթացքին անոնց պահանջելու ոճը հետզհետէ աւելի խիստ սկսած է դառնալ: [17]

Ստորեւ ներկայացուած են հրատարակչատան պատկանող երեք պարբերականներու համառօտ ակնարկներ, ընկերակցութեամբ՝ ընտրուած յօդուածներու։ Այս վերջինները կը ներկայացնեն նմոյշ մը գաղափարներու, որոնք շրջան կ'ընէին Զմիւռնիոյ մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս 1850-ական եւ 1860-ական թուականներու հայ ընթերցողներու ծիրէն ներս:

Արփի Արարատեան

Խմբագիրներ՝ Տէտէեան եղբարք
Հրատարակութեան տարիներ՝ 1853-1855 կամ 1856 [18]

Արփի Արարատեանը կը հանդիսանար Տէտէեան հրատարակչատան առաջին պարբերաթերթը եւ ընդհանրապէս անոր առաջին հրատարակութիւններէն մէկը: Անիկա կը հրատարակուէր ամսական դրութեամբ՝ Տէտէեան եղբայրներու խմբագրութեամբ: Բացի իրենց սեփական յօդուածներէն եւ զմիւռնիացի վաւերական գրողներու գործերէն, յատկանշական է, որ եղբայրները կը հրապարակէին նաեւ տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներուն աշխատանքները՝ տեղ տալով անոնց թարգմանութիւններուն եւ շարադրութիւններուն: Եղբայրները յստակօրէն գրած են իրենց ակնկալութեան մասին, թէպարբերաթերթը « ազգին բարելաւութեանը նպաստամտոյց» պիտի ըլլայ ՝ ենթադրաբար ընթերցողներուն ներկայացնելով բազմազան նիւթեր եւ հարցեր: [19] Պարբերաթերթը կը հրապարակէր յօդուածներ՝

  • Աշխարհի տարբեր շրջաններու վայրերուն մասին, ներառեալ՝ Քալիֆորնիա, Աւստրալիա, Դամասկոս եւ Չինաստան: Միաժամանակ, անիկա կը ներկայացնէր փոքր գրուածքներ աշխարհի տարածքին տարբեր մշակոյթներու տէր ժողովուրդներու ճաշի սովորութիւններուն մասին (1855, թիւ 4, էջ 31-32):
  • Ինչպէ՞ս կ'աշխատէր հեռագրութիւնը (թելեկրաֆը) (1854, թիւ 1, էջ 15-17):
  • Ֆրանսայի մէջ Օսմանեան կայսրութեան դեսպան Վէլի-էտտին-Րիֆաթ փաշայի կեանքը (1854, թիւ 4, էջ 42-43): Այս յօդուածը պարբերականին մէջ լոյս տեսած օսմանեան պատմութեան մասին շարքի մը մէկ մասն էր:
  • Հայաստանի պատմութիւնը (1854, թիւ 6, էջ 57-59): Այս յօդուածը թարգմանուած էր ֆրանսերէնէ: Այդ օրերուն անսովոր չէր օսմանցի հայերուն համար՝ թարգմանելու եւ հրապարակելու իրենց մասին եւրոպացիներու գրած տեղեկութիւնները, հակասականօրէն ապաւինելով բրիտանացի եւ ֆրանսացի արեւելագէտներուն՝ իրենց անցեալին ու ներկային մասին լուսաւորուելու համար:

Յաւերժահարս

Խմբագիր՝ Սարգիս Փափազեան
Հրատարակութեան տեւողութիւնը՝ Յունուար-Յուլիս 1862

Յաւերժահարսը այն քանի մը կարճատեւ պարբերաթերթերէն մէկն էր, զոր Տէտէեան հրատարակչատունը հրատարակած է 1860-ականներուն սկիզբը: [20] Անիկա լոյս տեսած է 1862, Յունուարէն Յուլիս երկարած ժամանակահատուածին մէջ՝ ընդհանուրը տասնչորս թիւ: [21] Խմբագրութեան ղեկը ստանձնած էր Սարգիս Փափազեանը՝ անձնաւորութիւն մը, որուն մասին շատ քիչ բան հասած է մեզի: Այսուհանդերձ, այս պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած անոր յօդուածները ենթադրել կու տան, որ խմբագիր Փափազեանը քաջածանօթ էր եւ կ'ընդարաջէր իր ընթերցողներուն բազմազան կարիքներուն եւ պահանջներուն: Այս ժամանակաշրջանի պարբերաթերթերուն մեծամասնութիւնը բացառապէս կը հրատարակուէր այնպիսի հայերէնով մը, որ զուրկ էր թրքական փոխառութիւններէ՝ հակառակ անոնց գերակշռութեան խօսակցական հայերէնի բազմաթիւ տարբերակներուն մէջ: Փափազեան, սակայն, իւրաքանչիւր թիւին մէջ, միտումնաւոր կ'ընդգրկէր խօսակցական լեզուով յօդուածներ՝ լեցուն թրքերէնի ծանօթ փոխառութիւններով, որպէսզի բոլոր ընթերցողները, անկախ իրենց ուսումնական մակարդակէն, կարենային հասկնալ զանոնք: [22] Ան նաեւ ընթերցողները կը հրաւիրէր կապուելու իր հետ, եթէ պատահէր, որ անոնք չկարենային հասկնալ իր թերթին մէջ տպագրուած որեւէ բան՝ նշելով, որ ինք պատրաստ էր բերանացի կամ գրաւոր բացատրել գաղափարները, մինչեւ որ անոնք պարզ դառնան: [23] Իր գոյութեան կարճ միջոցին, Յաւերժահարսը կը հրապարակէր.

  • Աժան մելան (թանաք) պատրաստելու բաղադրութիւնը (1862, թիւ 6, էջ 47):
  • Լուսանկարչութեան սկզբունքներուն մասին յօդուած մը (1862, թիւ 3, էջ 22-23):
  • Արամ-Կարապետ Տէտէեանի շարունակական շարքով, Շէյքսփիրիի Վենետիկի վաճառականը գործին թարգմանութիւնը: Թարգմանական այս շարքէն մասեր լոյս տեսած են Յաւերժահարսի առաջին տասներկու թիւերուն մէջ: Ասիկա Զմիւռնիայէն եւ այլ վայրերէ բերուած բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է հայերէն գրական թարգմանութիւններու, որոնք երբեք լոյս չեն տեսած գիրքի ձեւով, ինչ որ կը դժուարացնէ զանոնք գտնելու գիտաշխատողներու փորձերը:
  • Խորհրդածութիւն մը երկու անուանարկումներու մասին, որոնք հայերու դէմ կ'օգտագործուէին անոնց թուրք եւ յոյն դրացիներուն կողմէ. կեաւուր (անհաւատ) եւ պոքճի (աղտոտ գործեր կատարող) (1862, թիւ 12, էջ 97-98): Գրողը կ'անդրադառնայ հոգեբանական այն ազդեցութեան, որ մանկութեան տարիներուն, այս անուանարկումները ձգած էին իր վրայ՝ հասնելով տեղ մը, որ սկսած էր ամչնալ իր հայ ըլլալուն համար: 1830-ականներուն, ամերիկացի արտագաղթող մը կը նշէր, որ պոքճին կ'օգտագործուէր նաեւ Պոլսոյ եւ անոր շրջակայքին մէջ հայերու նկարագրութեան համար՝ ենթադրելով, որ գրողին պատումըարձագանգ գտած էր նաեւ Զմիւռնիայէն դուրս: [24]

Ծաղիկ

Խմբագիր՝ Գրիգոր Չիլինկիրեան [25]
Հրատարակութեան տարիներ՝ 1861-1867 [26]

Ծաղիկը Տէտէեան հրատարակչատան ամէնէն կայուն եւ երկարակեաց պարբերականներէն մէկն էր: Ծանօթ իր բարեկարգչական քաղաքականութեամբ, անոր հիմնադիրն է 22-ամեայ Գրիգոր Չիլինկիրեանը, որ ամենայն անկեղծութեամբ կը գրէր օսմանահայերու մէջ ընկերային հիմնական փոփոխութիւններ յառաջացնելու անհրաժեշտութեան մասին: Անոր քննադատութեան հիմնական թիրախը կը հանդիսանային հայ առաքելական հոգեւորականութիւնն ու անոր աշխարհիկ դաշնակիցները, որոնց ուժը կը տարածուէր հասարակական եւ քաղաքական կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն վրայ. Չիլինկիրեան եւ անոր համախոհ ժամանակակիցները զանոնք կը նկատէին մարդիկ, որոնք «կը հակառակին դարոյս ոգիին դէմ»: [27] Անոնց աշխարհայեացքներու բախումները մշտապէս ներկայ էին Ծաղիկի էջերուն մէջ. թերթին հրատարակութիւնը բազմիցս առկախուած էր անոր խմբագրին կողմէ քննադատուած հզօր անձնաւորութիւններու հրամանով: [28] Ստորեւ ընտրուած յօդուածները նմուշներ են ընկերային այն հակասական հարցերուն, զորս Չիլինկիրեան լուսարձակի տակ կ'առնէր եւ Տէտէեան հրատարակչատունը կը համարձակէր տպել: [29]

  • 1863-ին, անոր վերջնական վաւերացումին նախորդող եւ անմիջապէս անոր յաջորդող տարիներուն, Ծաղիկի մէջ քննարկման գրեթէ մնայուն նիւթ էր Ազգային Սահմանադրութիւնը: Վաւերացումին նախորդող յօդուածները ցոյց կու տան այն մեծ ակնկալութիւնը, զոր կը ներկայացնէր սահմանադրութիւնը Չիլինկիրեանի եւ անոր համախոհ յօդուածագիրներուն համար։ Անոնքհամոզուած էին, որ սահմանադրութիւնը պիտի յաջողէր խափանել հոգեւորականութեան իշխանութիւնը, պիտի ժողովրդավարացնէր համայնքային գործերու կառավարումը եւ պիտի նպաստէր կրթութեան տարածումին: Վաւերացումէն յետոյ լոյս տեսած յօդուածները, սակայն, կը դրսեւորեն անոնց հիասթափութիւնը փոփոխութիւններու դանդաղ ընթացքին նկատմամբ: Այս մօտեցումին լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ Մատթէոս Մամուրեանի «Ազգային Սահմանադրութիւնը. Ի՞նչ պատահեցաւ» վերնագրով յօդուածը: (1867, թիւ 135, էջ 578-580):
  • Չիլինկիրեանի համար էական նշանակութիւն ունեցող հարցեր էին նաեւ աղջիկներու կրթութիւնը եւ հայ կանանց մասնակցութիւնը մտաւորական կեանքին: Անոր համաձան, կարելի չէր ազգային յառաջդիմութիւն իրականացնել, երբ բնակչութեան կէսը կը մնար անգրագէտ, անուս եւ ըստ սովորոյթին՝ արգիլուած էր անոր մասնակցութիւնը հասարակական կեանքին: Եւրոպացի կանանց նուաճումներուն մասին գրութիւններու կողքին, ան տեղ կու տար յօդուածներու, թարգմանութիւններու եւ հայ կիներու կողմէ խմբագրութեան ուղղուած նամակներու, որոնց հեռանկարները այդ ժամանակ հազուադէպօրէն կը տեսնուէին մամուլին մէջ: [30] Չիլինկիրեան նաեւ իր պարբերաթերթը կ'օգտագործէր՝  լուսարձակի տակ առնելու կիներու նախաձեռնութիւնները: Օրինակ, 1862-ին, մենք կը տեսնենք, որ ան կը նշէ Էլպիս Կեսարացեանի խմբագրութեամբ, Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող Կիթար ամսագրին հիմնադրութիւնը: Նշենք, որ Կեսարացեան խիստ քննադատութեան ենթարկուած էր իր սեփական ամսագիրը հիմնելու «յանդգնութեան» համար: Կեսարացեան ոչ միայն յանդուգն չէր, կը վիճարկէ Չիլինկիրեան, այլ «անհրաժեշտ պարտաւորութիւն մը» կը կատարէր: (1862, թիւ 43, էջ 360):
  • Ինչպէս կը տեսնենք վարը, Չիլինկիրեան մեծ ճանաչում ձեռք բերած էր Վիքթոր Հիւկոյի Թշուառները գործին ամբողջական թարգմանութեամբ, զոր Տէտէեան հրատարակչատունը տպած էր տասը հատորով, 1868-1870 թուականներուն: Հրատարակչատունը պատրաստ էր ենթարկուելու հալածանքի եւ վնասներու՝ նոյնիսկ տեսնելէ ետք հայ որոշ հոգեւորականներու կատաղի արձագանգը վէպին այն քաղուածքներուն մասին, զորս Չիլինկիրեան կը սկսի հրատարակելԾաղիկին մէջ, Նոյեմբեր 1863-ին (թիւ 64, էջ 10-13): Մասնաւորաբար յիշատակելի է պահպանողական հոգեւորականի մը՝ Յովհաննէս Պրուսացի Տէր Կարապետեան Չամուռճէան Տէրոյենցի պարագան, որ օգտագործելով զրպարտութիւն, բանտարկութիւն եւ այլ սպառնալիքներ՝ կը փորձէր դադրեցնել անոր հրատարակութիւնը՝ կրօնի վերաբերեալ Հիւկոյի քաղաքականութիւնն ու տեսակէտները նկատելով վտանգաւոր հայ ընթերցողներուն համար: [31] Չիլինկիրեանի եւ Տէտէեան հրատարակչատան յամառութիւնը թէ՛ շարունակելու Ծաղիկին մէջ Թշուառներուն հրատարակութիւնը, եւ թէ քանի մը տարի ետք գիրքին ամբողջական թարգմանութեան հրապարակումը ցոյց կու տան, որ անոնք կը մնային յանձնառու օսմանահայ ընթերցողներուն ներկայացնելու այլազան տեսակէտներ, նաեւ՝ անոնց քաջութիւնը արտայայտելու գաղափարներ, որոնք ընդունելի չէին ենթադրեալ իշխանաւորներուն կողմէ:
  • Նկատի առնելով կրօնական ընտրանիին ցուցաբերած հետեւողական ընդդիմութիւնը, հաւանաբար զարմանալի չէր, որ Չիլինկիրեան Ծաղիկին մէջ տեղ կու տար նաեւ ազատ մամուլի կարեւորութեան անդրադարձող գրութիւններու (1863, թիւ 66, էջ 26-28):

Ոչ-գեղարուեստականը իբրեւ հանրային կրթութեան միջոց

Ոչ-գեղարուեստական ​​գրականութեան այն հատորները, զորս հրատարակած էր Տէտէեան հրատարակչատունը, յաճախ կը համընկնէին  պարբերականներուն մէջ անոր ուսումնասիրած թեմաներուն: Ամէնէն ցայտուն օրինակներէն մէկն է Գալուստ Կոստանդեանի Հասարակաց թանգարան շարքը, որ լոյս տեսած է 1858-ին: Տասնութ տարեկան Կոստանդեան իր տասնվեց հատորներէն իւրաքանչիւրը նուիրած է գիտական ​​թեմաներու կարճ ուսումնասիրութեան մը՝  ելեկտրականութենէնսկսեալ մինչեւ քիմիագիտութիւն, աստղագիտութիւն եւ շարժումի օրէնքները:  Կոստանդեան կը գրէ, որ ինք, միտումնաւոր, տեղեկութիւնները ներկայացուցած է խտացուած եւ գրաւիչ ձեւով մը՝ օգնելու ընթերցողներուն, որ հասկնան եւ իւրացնեն ներկայացուածը: [32] «Գլխաւոր նպատակս եղաւ Թանգարանիս մէջ», - կը նշէ ան առաջին գիրքի իր ներածութեան մէջ, «տալ միայն նաեւ մեր ժողովրդին ան ամենը որ (Եւրոպիոյ) ուսումնական աշխարհքը կը տայ իր ժողովրդին»: [33] Ան կը գրէ, որ ինք խնամքով ընտրած է այնպիսի թեմաներ, որոնց մասին դեռ հիմնականօրէն չէին գրուած հայերէնով՝ յուսալով, որ իր այս աշխատանքը գիտութիւններու նկատմամբ կարդալու հետաքրքրութիւն պիտի հրահրէ ընթերցողներուն քով: [34] Տեղեկութեան այս տարածումը դիւրացնելու համար, Տէտէեան հրատարակչատունը այդ գիրքերը անվճար կը բաժնէր ընթերցողներուն: [35]

Գիտական տեղեկութիւններու տարածումէն անկախ, հրատարակչատունը նաեւ կը հրատարակէր ոչ-գեղարուեստական գրականութենէն թարգմանուած գործեր, որոնք ընթերցողները կը ծանօթացնէին համաշխարհային այնպիսի առաջնորդներու, ինչպիսիք են  Ճորճ ՈւաշինկթընՀռոմէագի տասներկու կայսրերը և Ֆրանսական միապետութիւնը: Նմանապէս, թէեւ լեզուականօրէն անհամեմատելի, ան կը հրատարակէր Սարգիս Միրզա Վանանդեցիի երկլեզու անգլերէն-հայերէն գիրքը, որ ոչ-համոզիչ կերպով կը պնդէր, թէ Վիքթորիա թագուհին Արշակունիներէն սերած էր՝ արքայական այն ընտանիքը, որ իշխած էր Հայաստանի Թագաւորութեան վրայ, ընթացիկ ժամնակաշրջանի առաջին քանի մը դարերը: Այս հատորը թագուհիին ներկայացուած էր Փետրուար 1880-ին, եւ մինչեւ այսօր, մաս կը կազմէ Լոնտոնի Արքայական հաւաքածոյին Արքայական հաւաքածոյին:

Բանավիճային գրքոյկներ եւ կրօնական թեմայով այլ գրութիւններ

Տէտէեան հրատարակչատունը կը հիմնուէր այնպիտի ժամանակի մը, երբ կրօնական բուռն բանավէճերկային կաթողիկէ եւ առաքելական հայերու միջեւ: Իւրաքանչիւր համայնքի հաւատամքին, ղեկավարութեան եւ կրօնական պաշտամունքի ձեւերուն պաշտպանութիւնն ու մերժումը պարբերաբար կը հրապարակուէին թերթերու մէջ եւ իբրեւ գրքոյկներ կը յայտնուէին 19-րդ դարու կէսերու հայ տպագրութեան կեդրոններուն մէջ: Զմիւռնիոյ մէջ, նմանօրինակ գրութիւններ եղան առաջիններէն, որոնք դուրս եկան Տէտէեան հրատարակչատան մամուլէն, որ հիմականօրէն կը տպէր հակակաթողիկէ նիւթեր: [36] Հրատարակչատան աշխատակիցներէն մէկուն համաձայն, այս գրքոյկները մեծ թիւով ընթերցողներ ունէին, որոնք, հաւանաբար, կը հանդիսանային եկամուտի հիմնական աղբիւր մը առաջին տարիներուն: [37]

Աղբիւր՝ «Խթան ընդդէմ լուսաւորչական ազգիս հայոց քրիստոսահիմն եւ առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ», Զմիւռնիա, տպարան եղբարց Տէտէեան, 1854։

16-րդ դարուն, հայկական տպագրութեան մեկնարկէն մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը, հայկական տպագիր մշակոյթին մէջ գերակշռող էին կրօնական ուսուցման և երկրպագութեան մասին գիրքերը: Անոնք կ'ընդգրկէին աղօթքի, կրօնագիտական եւ ժամերգութեան գիրքեր, շարակնոցներ եւ սաղմոսարաններ: Այս երկարամեայ աւանդութեան դրոշմը կրնանք տեսնել Տէտէեան հրատարակչատան քանի մը հրատարակութիւններուն վրայ, ներառեալ՝ պատկերազարդ աղօթագիրք մը, որ լոյս տեսած է 1866-ին: Վերնագիրը ցոյց կու տայ, որ այս գիրքը նախատեսուած էր բացառապէս առաքելական հայերու համար՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէ՞ս բանավիճային գրքոյկներէն անդին, տպագիր նիւթերը կը ցոլացնէին դաւանանքային սահմանները:

Կրօնական հարցերու հրապարակումներուն մէջ, Տէտէեան հրատարակչատունը յանձնառու մնաց Օսմանեան կայսրութենէն դուրս աշխարհը իր ընթերցողներուն ներկայացնելու առաջարանքին մէջ: 1856-ին, հայատառ թրքերէնով հրատարակած է կարճ գիրք մը, ուր կը քննարկուին առաւօտեան աղօթքը, երեկոյեան աղօթքը եւ հաղորդութիւնը Անգլիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ եկեղեցւոյ մէջ: Թէեւ նշուած չէ, բայց, կարծես, ան ընտրուած գլուխներու թարգմանութիւնն էր The Daily Services of the United Church of England and Ireland [Անգլիոյ և Իրլանտայի Միացեալ եկեղեցւոյ ամէնօրեայ ծառայութիւնները] հատորէն, որ լոյս տեսած է 1849-ին, Բրիտանիոյ մէջ:

Դպրոցական դասագիրքեր

Հրատարակչատան տպած կրօնական թեմաներով բազմաթիւ այլ գիրքերը հաւանաբար նախատեսուած էին որպէս դպրոցական դասագիրքեր: Օսմանեան կայսրութեան մէջ, հայոց կրթութիւնը հիմնականօրէն կը վերահսկուէր կրօնական իշխանութիւններուն կողմէ, եւ մինչև 19-րդ դարու աւարտը, դպրոցական դասագիրքերը ընդհանրապէս կը սահմանափակուէին կրօնական բովանդակութեամբ: Իրենց մանկութեան յուշերը մամուլին յանձնած զմիւռնիացի երկու հայեր կը նկարագրեն 1840-ականներու եւ 1850-ականներու դասապահերը, ուր գերակշռող եղած են գրաբարով արտասանուած կրօնական նիւթերը. հայերէնի տարբերակ մը՝ որ չէր գործածուեր առօրեայ կեանքին մէջ: [38] Զմիւռնիոյ եւ կայսրութեան այլ շրջաններուն մէջ, ուսուցիչներ կը թելադրէին իրենց աշակերտներուն կարդալ կրօնագիտական գիրքեր, ինչպէս՝ Սաղմոսը եւ Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան Ողբերգութեանը, որոնք բոլորը տպագրուած էին Տէտէեան հրատարակչատան կողմէ եւ կը ներկայացնէին երկարամեայ մանկավարժական մեթոտներու հետեւողական կիրառումը:

1860-ական թուականներուն, սակայն, սկսած էր աճիլ հետաքրքրութիւնը ուսուցման մեթոտները բարեփոխելու կարելիութեան նկատմամբ: Այս ճիգերուն մէջ, առաջատար էր Տէտէեան հրատարակչատունը, որ կը հրատարակէր ամէն տեսակի դասագիրքեր՝ զանոնք աշակերտներուն հաճելի դարձնելու մտասեւռումով: Տիգրան-Յարութիւն ինքը գրած է քերականութեան գիրք մը, այբբենարան մը [39] եւ ընթերցարան մը՝ փոքր աշակերտներու համար ընտրուած կարճ հատուածներով: Իր ընթերցողներուն ուղղուած ներածականին մէջ, ան կը նշէ, թէ ինչպէ՞ս ինք յատուկ պատրաստած է այս գիրքը՝ ըլլալու հաճելի երեխաներուն՝ ներառելով նկարազարդումներ, օգտագործելով պարզ լեզու եւ ընտրելով զանոնք հետաքրքրող նիւթեր, այն յոյսով, որ անոնք կը սորվին կարդալ աւելի դիւրին եւ աւելի արագ: [40] Աշակերտներու սորված ձեւերուն նկատմամբ ուշադրութեան աստիճանը ցոյց կու տայ մանկավարժական մտածողութեան աւելի մեծ բարեշրջում մը, որ նկատելի է այդ ժամանակաշրջանի օսմանահայ բարեկարգիչներու լայն շրջանակին մէջ:

1870-ական թուականներուն, Մատթէոս Մամուրեան յաւելեալ նիւթերով կը ծաւալէ Տիգրան-Յարութիւնի մանկավարժական աշխատանքը՝ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն համար: Մամուրեան երկարամեայ տեսուչն էր Զմիւռնիոյ Մեսրոպեան (տղոց) եւ Հռիփսիմեան (աղջկանց) վարժարաններուն: [41] Իր տեսադաշտին մէջ էր, ինչպէս ինք կը գրէ, նշմարել տարբեր առարկաներու համար մանրակրկիտ մտածուած դասագիրքերու անհրաժեշտութիւնը: [42] Տէտէեան հրատարակչատան հետ գործակցաբար, ի միջի այլոց, ան կը հրատարակէր փոքր աշակերտներու համար պատմուածքներու գիրք մը, նոր ընթերցարան մը եւ համաշխարհային պատմութեան նուիրուած դասագիրքերու եռահատոր շարք մը: Մասնաւորաբար այս շարքին միջոցով, ան կը փորձէր վիճարկել հայկական բազմաթիւ դպրոցներու մէջ պատմութեան դասաւանդման չոր եղանակը՝ վերջ դնելով դասարանին մէջ միայն թուականներ եւ անուններ արտասանելու ձեւին, եւ փոխարէնը առիթ ստեղծելով աշակերտներուն՝ հասկնալու եւ իւրացնելու նիւթը: [43]

Աւելին, ծանօթ ըլլալով այդ ժամանակին Եւրոպայի մէջ գործածուող ուսուցման բազմաթիւ միջոցներուն եւմեթոտներուն, Մամուրեան կը յարմարցնէր ֆրանսերէն եւ անգլերէն դասագիրքերը հայկական գործածութեան: Մասնաւորաբար, ան կը թարգմանէր Արապելլա Պ. Պըքլիի  A Short History of Natural Science [Համառօտ պատմութիւն բնական գիտութեան] գործը եւ կը գրէր հայերէն շարադրութեան ուղեցոյց մը՝ հիմնուելով Ուիլիամ եւ Ռոպըրթ Չէմպէրզի Introduction to English Composition [Ներածութիւն անգլերէն շարադրութեան] գործին մէջ տեղ գտած մեթոտներուն վրայ: Ան կը շարունակէ արտադրել դասագիրքեր եւ մանկավարժական այլ ձեւաչափեր՝ Տէտէեան հրատարակչատան հետ կապը խզելէ եւ 1883-ին, իր սեփական մամուլը հիմնելէ յետոյ:

Գրական ստեղծագործութիւններ

Երբ 19-րդ դարու կէսերուն կը հիմնուէր Տէտէեան հրատարակչատունը, հայերէնով ոչ-կրօնական գրական գործերը սակաւաթիւ էին: Այս բացակայությունը մտահոգութիւն կը պատճառէր օսմանահայ բազմաթիւ մտաւորականներու, որոնք աշխարհիկ գրականութեան առկայութիւնը կը տեսնէին իբրեւ ազգի մը «յառաջադիմութեան» ցուցանիշը: [44] Հակառակ գրագէտ փոքրաթիւ բնակչութեան մը եւ նոյնիսկ աւելի փոքր թիւով գրականութիւն կարդալու ունակութիւն եւ փափաք ունեցող հայերու գոյութեան, Տէտէեան հրատարակչատունը կը ստանձնէր նիւթական բեռը՝ հրատարակելու ինքնատիպ արձակ եւ բանաստեղծական շարք մը գործեր:

Գրական այս առաջին արտադրութեանց մէկ ուշագրաւ օրինակն է Արմենակ Հայկունիի Էլիզա կամ վերջին արեւելեան պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցած իրական դէպ մը վէպը, հրատարակուած 1861-ին: Այս ենթադրեալ ինքնակենսագրական վէպը կը նկարագրէ սիրային պատմութիւն մը բրիտանացի Էլիզայի եւ Հայկունիի միջեւ, որ, ինչպէս ինք կը նշէ վէպին ներածականին մէջ, Խրիմի պատերազմին ժամանակ (1853-1856), իբրեւ թարգմանիչ աշխատած է բրիտանական ուժերուն քով: Հետագայ տասնամեակներուն, մենք կը տեսնենք, որ մամուլը հրատարակած է սիրոյ երկու այլ ինքնատիպ պատմութիւններ. զմիւռնիացի Նշան Միրզայի Տօրան եւ ղարաբաղցի Ո.Գ. Բարխուտարեանցի Միրզա եւ Աննան:

Տէտէեան հրատարակչատունը նաեւ կը հանդիսանար միջոց մը, որուն ճամբով ռուսահայ գրականութիւնը կը հասնէր օսմանահայ ընթերցողներուն: 19-րդ դարու կէսերուն, բազմաթիւ օսմանահայ բարեկարգիչներ կարծէք ծանօթ էին Ռուսական կայսրութեան մէջ իրենց պաշտօնակիցներուն աշխատանքին: Հաւանաբար, անոնց հասարակաց քաղաքականութեան պատճառով էր, որ մենք կը տեսնենք Տէտէեան հրատարակչատունը, 1870-ականներու կէսերուն կը տպէր ռուսահայ բարեկարգիչ Գաբրիէլ Պատկանեանի բանաստեղծական ժողովածուները: Իբրեւ նիւթ, այս ժողովածուները կը վերաբերէին հայոց պատմութենէն եւ դիցաբանութենէն քաղուած դրուագներու եւ դէմքերու, որոնք, հաւանաբար, նպատակ ունէին ներշնչելու ազգային հպարտութեան եւ հայրենասիրական զգացումներ: Այս հաւաքածոներէն երկուքին նախաբանը գրած է ականաւոր հոգեւորական եւ սիրողական ազգագրագէտ Գարեգին Սրուանձտեանցը: Այս որդեգրումը ենթադրել կու տայ, որ Պատկանեանի ստեղծագործութիւնը սնունդ կը նկատուէր հայկական բանաւոր աւանդութեան նկատմամբ ստեղծուած նոր հետաքրքրութեան համար, զոր այս ժամանակաշրջանին Սրուանձտեանց նպաստած էր հրահրելու օսմանահայ ընթերցողներու շրջանակին մէջ: Այսուհանդերձ, թէ ինչո՞ւ Պատկանեանի գիրքերը առաջին անգամ կը տպուէին Օսմանեան եւ ոչ թէ Ռուսական կայսրութեան մէջ, թէ ինչո՞ւ զանոնք յատկապես տպած է Տէտէեան հրատարակչատունը, եւ թէ ի՞նչ ըսել կ'ուզէր նոյնիքն Սրուանձտեանցը, երբ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէր Ստեփան Տէտէեանին՝ Պատկանեանի գործը   «ազատագրելուն» համար, ծանօթ չէ մեզի: [45] Ստորեւ՝ այն հաւաքածոները, զորս Պատկանեան հրատարակած է Տէտէեան հրատարակչատան ճամբով.

Անուշաւան (1875)
Մահ Պարէտի (1875)
Պարոյր կամ առումն Նինուէի (1876)
Զաւան եւ Փառնակ (1877)

Գրական թարգմանական գործեր

Տէտէեան հրատարակչատունը ամէնէն աւելի ծանօթ էր իր հետեւողական կեդրոնացումովը թարգմանական գրականութեան վրայ: Անոր աւելի քան վաթսուն գրական թարգմանութիւնները՝ յաճախ հաստափոր, բազմահատոր գործեր, կը ներկայացնէին եւրոպական գրականութեան բացառիկ կտորներ, որոնք մշակութային աղմկալի նուաճումներ կը նկատուէին 19-րդ դարու Եւրոպայի, մասնաւորաբար՝ Ֆրանսայի մէջ: Առաջին օրերէն, թարգմանութինը կը նկատուէր մամուլին առանցքը, որ կ'օգտագործուէր լրացնելու հայերէնով աշխարհիկ գրականության պակասը, հայերը հրապուրելու, որ ընթերցանութիւնը նկատեն հաճելի ժամանց, եւ զանոնք համարկելու այս պատմութիւններուն շուրջ ընթացող համաշխարհային մշակութային քննարկումներուն: Թէեւ թարգմանութիւններուն քանի մը հատը միայն ի սկզբանէ շարունակելիներու տեսքով յայտնուած էր մամուլին կողմէ հրատարակուող թերթերուն մէջ, սակայն անոնց գերակշռող մեծամասնութիւնը առաջին անգամ հրապարակուած էր գիրքի ձեւով՝ անոնց տալով գոյատեւման երաշխիքը, զոր թերթերը չէին կրնար ապահովել, եւ առիթ ընձեռելով անոնց գտնուելու եւ կարդացուելու տասնամեակներ ետք: 19-րդ դարու կէսերէն հասած այս թարգմանութիւններու օրինակներէն դեռ կարելի էր գտնել 1920-ականներուն, Պոլսոյ գրախանութներուն մէջ: [46]

Այս պատկերը, որ տպուած է Սարգիս Տ. Գասպարեանի թարգմանութեամբ լոյս տեսած «Ճամբորդութիւնք Կիւլիվէրի» գիրքին մէջ՝ գործն է զմիւռնահայ փորագրիչ եւ վիմագրիչ Պօղոս Թաթիքեանի։

Ժանրային առումով, թարգմանութիւններուն առանցքային ամբողջութիւնը բաղկացած էր թատերախաղերէ եւ վէպերէ, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին եւ նախատեսուած էին մեծ եւ փոքր ընթերցողներու համար: Թարգմանիչներու ներածականները ցոյց կու տան, որ մամուլը եւ հոն գործող թարգմանիչները մտածուած կը զատէին իրենց գործերը, եւ անոնք մեծապէս կը գնահատէին այն գրականութիւնը, որ կը զուարճացնէր ընթերցողը՝ միաժամանակ փոխանցելով բարոյական դաս մը: Ուսումնասիրելով անոնց ընտրած գործերուն ամբողջութիւնը, մենք կը նշմարենք նոյն հեղինակներու գիրքերէն փունջեր, մասնաւորաբար՝ Մոլիէրէն, Վիքթոր Հիւկոյէն եւ Ալեքսանտր Տիւմայէն:  Այս խմբաւորումը հաւանաբար ռազմավարութիւն մըն էր, որ կ'օգտագործուէր ընթերցողները ներգրաւելու եւ անոնց հեղինակային ստեղծագործութեան զգալի մէկ ամբողջութիւնը հրամցնելու նպատակով: Օրինակի համար, բացի Տիւմայի շարք մը այլ գործերէն, 1871-1875 տարիներուն, մամուլը տպած է Մատթէոս Մամուրեանի թարգմանութեամբ, Տիւմայի տ'Արտանիանի Արկածախնդրութիւնները հսկայ եռապատում (Երեք հրացանակիրքՔսան տարի ետք եւ Պրաժլօն Դերկոմս) վէպը, ընդհանուր 19 հատորով: Մամուլը նաեւ մասնաւորաբար կը խուսափէր տպելէ եւրոպական գրականութեան այն գործերը, որոնք կը բովանդակէին օսմանահայ ընթերցողներու ըմռնումներուն խոտոր համեմատող վարք ու բարքեր: [47] Այս ձեւով, Տէտէեան հրատարակչատունը իր գրական թարգմանութիւնները կ'օգտագործէր մօտաւորապէս նոյն եղանակով, ինչպէս իր միւս հրատարակութիւնները՝ իբրեւ գործիք ընթերցողներուն միտքերը ձեւաւորելու եւ անոնց մէջ սերմանելու գիտելիքներ եւ արժէքներ, որոնք կրնային նպաստել անոնց ազգային յառաջադիմութեան յատուկ տեսլականի իրականացումին:

Այս թարգմանութիւնները կ'իրականանանային համագործակցութեամբ Տէտէեան հրատարակչատան եւ տեղական գրական 25 թարգմանիչներու: Գրական թարգմանիչի իրենց հանգամանքով, Տիգրան-Յարութիւնը եւ իր եղբայրները կը գնահատէին եւ կը հասկնային թարգմանութեան խստապահանջութիւնը: Անոնք կը խրախուսէին եւ կը ճանչնային թարգմանիչներուն աշխատանքը ո՛չ միայն իրենց անունները դնելով վերնագրի էջերուն վրայ եւ տեղ տալով անոնց գրած ներածականներուն, այլեւ կը վարձատրէին անոնց աշխատանքը եւ կը ստանձնէին տպագրութեան ծախսերը. քայլեր, որոնք սովորական բաներ չէին այդ օրերուն: [48] Թէեւ բոլոր թարգմանիչներուն մանրամասն կենսագրական տեղեկութիւնները չեն հասած մեզի, սակայն գոյութիւն ունեցող թերի տեղեկութիւնները ենթադրել կու տան, որ մամուլը թէ՛ պատուէրներ կու տար զմիւռնիացի տղամարդոց ու կանանց, եւ թէ դիմումնագրեր կ'ընդունէր անձերէ, որոնք յաճախ տակաւին չէին բոլորած իրենց պատանեկութիւնը կամ կը գտնուէին քսանական տարիքի մէջ, երբ անոնք սկսած էին թարգմանել մամուլին համար: Անոնցմէ շատերը յաճախած էին Մեսրոպեան կամ Հռիփսիմեան վարժարանները, եւ այնուհետեւ, տարբեր ձեւերով պիտի նպաստէին Զմիւռնիոյ հայ մտաւոր եւ մշակութային կեանքին:

Աղբիւր՝ «Այտա», թարգմանութիւն՝ Կարապետ Պ. Շէրիտճեանի, Զմիւռնիա, տպարան եղբարց Տէտէեան, 1872։

Թէեւ հրատարակչատունը յարգանքով կը վերաբերէր թարգմանութեան՝ իբրեւ հմտութիւն պահանջող արհեստ, որոշ թարգմանիչներ իրենց նախաբաններուն մէջ կը նկարագրէին, թէ ինչպէ՞ս իրենց աշխատանքը յաճախ կը ստորագնահատուէր ուրիշներու կողմէ: «Ոմանք, նա մանաւանդ ուսումնական յարգի անձերէ ոմանք թերեւս կարծեն թէ գիրք մը թարգմանելը դիւրին գործ մ՚է, մեքենայական աշխատութիւն մ՚է, լոկ նիւթական արտադրութիւն մ՚է», գրած է թարգմանիչներէն մէկը 1870-ին: «Մենք այսպէս չենք կարծեր: Երբեմն թարգմանիչին պաշտօնը գրեթէ հեղինակին պաշտօնին չափ ծանր է»: [49] Այս դժուարութիւնները յաճախ կը բխէին լեզուական բացերէն ժամանակակից հայերէնին, որ 19-րդդարու կէսերուն դեռ կը շարունակէր կառուցել իր բառապաշարը մասնագիտացած մարզերու մէջ, ինչպէս որ էր պարագան գրականութեան եւ արուեստներուն: Մեսրոպ Նուպարեանը այնքան չարչարուած էր այդ բացերուն դէմ՝ Նօդր-Տամ Բարիզի վէպը Տէտէեան հրատարակչատան համար թարգմանելու ատեն, որ որոշում կը կայացնէր կազմել առաջին ֆրանսերէնէ՝ ժամանակակից հայերէն բառարանը: [50] Աւելի քան տասնամեակ մը աշխատանքէ ետք, 1892-ին, Պոլսոյ մէջ կը հրատարակուէր անոր Ֆրանսերէն-հայերէն  բառարանը:

Վերահրատարակութիւնը առնելով իբրեւ ժողովրդականութեան ցուցանիշ, ստորեւ կու տանք փունջ մը մամլոյ ամէնէն ծանօթ թարգմանութիւններէն՝ բաժնուած ըստ թարգմանիչի: 20-րդ դարուն, նոյն վերնագրերով բազմաթիւ գործեր տպագրուած են Պոլսոյ եւ սփիւռքի տարբեր մամուլներուն կողմէ, բայց անոնց մեծ մասը բոլորովին նոր թարգմանութիւն կը թուի ըլլալ, քան վերահրատարակութիւն:

Հայկ-Յակոբ Տէտէեան (? – 1909-ի շուրջ) [51]

Երեսուն եւ երեք ծաղրաբանութիւնք  (առաջին տպագրութեան վերնագիրը)
Ծաղրաբանութիւնք Նասրէտտին Խօճայ (երկրորդ տպագրութեան վերնագիրը)
Հեքիաթներ Նասրէտտին Հոճայէն
Թրքերէն բնագրի ֆրանսերէն թարգմանութենէն հայերէնի թարգմանուած:
Հրատարակուած՝ 1854-ին եւ 1858-ին:
 

Տիգրան-Յարութիւն Տէտէեան (1832-1868)

Ագահն
Կատակերգութիւն՝ Մոլիէրի
Թարգմանուած՝ ֆրանսերէնէ
Լոյս տեսած է 1854, 1863 եւ 1881 թուականներուն

Ժէնըվիէվ
Մանկական բարոյական հեքիաթ, հեղինակ՝ Քրիսթոֆ Վոն Շմիտ
Թարգմանուած է գերմաներէն բնագրի ֆրանսերէն թարգմանութենէն
Լոյս տեսած է 1861-ին, 1865-ին, (երրորդ հրատարակութեան թուականը ծանօթ չէ) եւ 1876-ին

Կոմս Մօնթէ-Քրիսթոյ
Արկածախնդրական վէպ, հեղինակ՝ Ալեքսանտր Տիւմա
Ֆրանսերէնէ թարգմանուած
Լոյս տեսած է վեց հատորով՝ 1866-էն 1868-ի միջեւ, ինչպէս նաեւ 1872-էն 1875-ին միջեւ

Գրիգոր Չիլինկիրեան (1839-1923) [52]

Թշուառներ
Ընկերային բողոքի վէպ մը, հեղինակ՝ Վիքթոր Հիւկօ
Ֆրանսերէնէ թարգմանուած
Լոյս տեսած է տասը հատորով՝ 1868-1870 թուականներուն, 1885-ին եւ 1886-ին (Պոլիս), 1909-ին 1910-ին(Պոլիս), 1922-ին (Պոլիս), 1927 եւ 1929 թուականներուն (Պոլիս՝ 14 հատորով) [53], եւ 1953-ին (Պէյրութ): Այս մէկը հազուագիւտ օրինակ մըն է գործի մը, որուն առաջին թարգմանութիւնը վերահրատարակուած է վեց անգամ, մէկ դարու ընթացքին:

Դարուս մէկ զաւակին խոստովանանքը
Ալֆրետ տը Միւսէի պատմական մէկ վէպը
Թարգմանուած` ֆրանսերէնէ
Լոյս տեսած է երկու հատորով՝ 1873-ին, 1874-ին եւ 1875-ին

Ս.Կ.Է. [Սօֆի Կ. Էքիզլէր (հետագային՝ Սպարթալի)] (1853-1939) [54]

Կրազիէլլա, Ալֆօնս տը Լամարթինի սիրային մէկ վէպը
Թարգմանուած է ֆրանսերէնէ
Լոյս տեսած է 1872-ին, 1873-ին եւ 1874-ին

Արամ-Կարապետ Տէտէեան (շուրջ 1824-1901)

Թարթիւֆ
Կատակերգութիւն՝ Մոլիէրի
Թարգմանուած է ֆրանսերէնէ
Հրատարակուած՝ 1874-ին եւ 1882-ին

Մատթէոս Մամուրեան (1830-1901)

Վերթէր
Զգացական վէպ մը, հեղինակ՝ Եոհաննէս Վոլֆկանկ վոն Կէօթէ
Հաւանաբար թարգմանուած է գերմաներէն բնագրին անգլերէն կամ ֆրանսերէն թարգմանութենէն
Լոյս տեսած է 1868-ին, 1892-ին (Պոլիս) եւ 1926-ին (Պոլիս)

Իվանօէ
Պատմական վէպ մը, հեղինակ՝ Վօլթր Սքօթ
Թարգմանուած՝ անգլերէնէ
Լոյս տեսած է երեք հատորով՝ 1872-1873 թուականներուն եւ 1873-1874 թուականներուն

Ստորեւ՝ Տէտէեան հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած գրական գործերու թարգմանիչներուն ամբողջական ցանկը՝ ըստ մամուլին մէջ առաջին թարգմանութեան թուականին.

Յովհաննէս Եզեկեան, Տիգրան-Յարութիւն Տէտէեան, Հայկ-Յակոբ Տէտէեան, Սարգիս Տ. Գասպարեան, Մեսրոպ Նուպարեան, Արամ-Կարապետ Տէտէեան, Տիգրան Գարագաշեան, Պաղտասար Գ. Պալդազարեան, Լիւսի Պալասանեան, Գ.Կ. Տիլպէրեան, Գրիգոր Չիլինկիրեան, Մատթէոս Մամուրեան, Կարապետ Պ. Շէրիտճեան, Գրիգոր Մսերեան, Կ. Եազմաճեան, Սօֆի Կ. Էքիզլէր, Ե.Մ.Ս., Մարիամ Յ. Ճերմակեան, Խ.Ե. Պուրունսուզեան, Ս. Ղուկասեան, Անդրանիկ Գ. Գասէվէթեան, Կոռնելիա Ս. Փափազեան, Վ.Կ., Կուռնելիա Տ. Սօֆիալի and Թագւոր Ճերմակեան:

Հրատարակչատան փակումը

Տիգրան-Յարութիւնի մահէն ետք՝ 1868-ին, անոր եղբայրները, յատկապէս Ստեփանը, կը ստանձնեն Տէտէեան հրատարակչատան ամէնօրեայ կառավարումը: Սակայն 1870-ականներու վերջը, գործերու ընթացքը կը դանդաղէր: 1880-ականներուն, անոր տպաքանակին կտրուկ անկումը կապուած է «Արեւելեան մամուլ» ամսաթերթին կորուստին, որ հրատարակչատան կ'ապահովէր կայուն եկամուտ մը, 1871-էն ի վեր: [55] Մատթէոս Մամուրեան, ամսագրին խմբագիրն ու հրատարակչատան բեղուն ներդրողներէն մէկը, իր սեփական հրատարակչատունը կը հիմնէր 1883-ին, Զմիուռնիոյ  մէջ՝ իր հետ տանելով իր աշխատանքային ուժը: [56] 1880-ականներու կէսերէն մինչեւ 1890-ականներու սկիզբը, միայն անկանոն հրատարակութութիւններով հանդէս գալէ ետք, Տէտէեան հրատարակչատունը 1892-ին ընդհանրապէս կը դադրեցնէր տպագրական աշխատանքը եւ կարճ ժամանակ մը ետք՝ ամբողջովին կը փակուէր: [57]

1850-ականներուն, 1860-ականներուն եւ 1870-ականներուն իր ծաղկման շրջանին, Տէտէեան հրատարակչատունը մղուած էր ընկերային առաքելութենէ՝ բարելաւելու գիտելիքներու հասանելիութիւնը եւ սորվելու նկատմամբ գնահատանք տարածելու օսմանահայերու շրջանակին մէջ: Մամուլի ծաւալման զուգահեռ, ծաւալեցաւ նաեւ կայսրութեան կրթական ենթակառոյցը, որ աւելի մեծ տարողութեամբ դիւրացուց այս աշխատանքը: Դարավերջին, կայսրութեան քաղաքային եւ գիւղական շրջաններուն մէջ բազմաթիւ դպրոցներ բացուած էին, ինչպէս նաեւ կրթական տարբեր ծրագիրներ մշակուած էին։ Նոյն ժամանակ ալ աւելի մեծ արշաւ կար աւելցնելու տեղեակ, ընկերային յանձնառութեամբ տոգորուած եւ աշխարհի հարցերուն իրազեկ օսմանահայերու թիւը, ինչ որ Տիգրան-Յարութիւնն ու անոր համախոհ ժամանակակիցները պատկերացուցած էին կէս դար առաջ:

Իրենց բարոյական սկզբունքներով, համոզումներով եւ նիւթական յանձնառութեամբ, Տիգրան-Յարութիւնն ու անոր եղբայրները հազուագիւտ դէմքեր էին հայկական հրատարակչութեան պատմութեան մէջ, որոնց նմանները պիտի չգտնուէին հետագայ ժամանակներուն: 19-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն եւ քսաներորդ դարու սկիզբին, օսմանահայերը հազուադէպօրէն կ'օգտագործէին իրենց հարստութիւնը՝ հրատարակութիւններ ֆինանսաւորելու համար, մանաւանդ՝ գիրքեր, որոնք այնքան ալ շահաբեր չէին թուեր, ինչ որ կը դժուարացնէր հրատարակիչ գտնելու աշխատանքը: [58] Ի վերջոյ, ինչպէս կը տեսնենք Ստեփան Տէտէեանի ստորեւ տրուած մէջբերումին մէջ, Տիգրան-Յարութիւնն ու անոր եղբայրները իրենց աշխատանքին մէջ առաջնորդուած էին նիւթականէն դուրս դրդապատճառներով. այս աշխատանքը կը նպաստէր ընդլայնելու հայ ընթերցողներուն հորիզոնները Զմիւռնիոյ, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան մնացեալ շրջաններուն մէջ եւ աւելի անդին.

«Եթէ ցարդ Տէտէեան տպարանէն ելած բազմահատոր դէզադէզ վէպերու վրայ աչք մը նետեմ, եթէ ելքն ու մուտքը հաշուեմ, եթէ նկատեմ որ հրատարակած գրեանց մէկ հինգերորդ մասը գրեթէ քանի մը տարուան մէջ հազիւ սպառելէն ետեւ՝ մնացածը մթերեալ կը մնայ, պէտք է որ ոչ միայն այս ձեռնարկութենէ հրաժարիմ, այլեւ մամուլ ու տպարան գոցեմ եւ՝ ինչպէս շատեր՝ ես ալ Հայ ժողովրդեան անընթերցասէր բնաւորութեան վրայ ողբամ։ Սակայն Տէտէեան տպարանը կանգուն պահողն ոչ այնքան շահու նկատումն է որչափ սիրելի ազգիս ըստ կարի ծառայութիւն մ՚ընելու փափաք մը, պատուական եղբօր մը յիշատակն անջինջ պահելու եռանդ մը, եւ իր կենդանութեան ժամանակ տպարանին յարատեւութեան համար ունեցած ճգունքն իբրեւ կտակ կատարելու պարտաւոթիւն մը։ … Եթէ Տէտէեան տպարանն իրապէս ծառայութիւն մ՚ըրած չէ ազգին, գէթ պարծենալով կրնայ ըսել որ անոր ընթերցասիրութիւնն արծարծելու օգնած է, եւ այս ալ իր մեծագոյն վարձատրութիւնն է»: [59]

  1. [1] Տիգրան-Յարութիւն Տէտէեանի մահագրութեան համար, տե՛ս «Ազգային», Արշալոյս արարատեան 29, թիւ 848 (1869): 2-3:
  2. [2] Մեսրոպ Նուպարեան, «Կենսագրական. Տիգրան Յարութիւն Տէտէեան», 3-րդ մաս, Արեւելեան մամուլ 31, թիւ 4 (1901): 151-152:
  3. [3] Նոյնը, 152:
  4. [4] Նոյնը, 154:
  5. [5] «Ընթերցասիրութիւն», Բազմավէպ 1, թիւ 17 (1843): 272:
  6. [6] «Պզտիկ առաջարկութիւն մը», Արփի արարատեան 1, թիւ 1 (1853): 1-5:
  7. [7] Այս միջոցներուն մասին, տե՛ս Jennifer Manoukian, “Literary Translation and the Expansion of the Ottoman Armenian Reading Public, 1853-1884,” Book History
  8. [8] Երկրորդական աղբիւրներ հրատարակչատան հիմնադրութեան տարի կը նշեն թէ՛ 1851-ը, թէ՛ ալ 1853-ը: 1851-ին էր, որ Տիգրան-Յարութիւն արտօնութիւն կը ստանայ աշխատցնելու իր մամուլը, իսկ 1853-ին, ան կը սկսի տպել: Հ. Յակոբ Վ. Քօսեան, Հայք ի Զմիւռնիա եւ ի շրջակայս (Վիեննա: Մխիթարեան տպարան, 1899), 273: Հրատարակչատան հասցէն կարելի է գտնել անոր բազմաթիւ հրատարակութիւններու կողքերուն վրայ, ներառեալ այս մէկը: 
  9. [9] Christian Dédéyan, Les Dédéyan. Leurs titres, leurs alliances (Վենետիկ: Ս. Ղազար, 1972), 27-28: Ծննդեան եւ մահուան այս տարիները փոփոխական են երկրորդական աղբիւրներուն մէջ եւ զանոնք պէտք է ընդունիլ իբրեւ մօտաւոր թուականներ: 
  10. [10] Վ.Գ. Զարդարեան, խմբ., Յիշատակարան, հատոր 2 (Կ. Պոլիս: Նշան-Պապիկեան, 1911), 246-247; Քօսեան, Հայք ի Զմիւռնիա, 123-124: 
  11. 11] Այս մարդոց շարքին էին Տիգրան-Յարութիւն եւ Արամ-Կարապետ Տէտէեաններ, Գրիգոր Չիլինկիրեան, Մեսրոպ Նուպարեան, Սարգիս Փափազեան եւ զմիւռնահայ այլ մտաւորականներ: Իրուսուցիչին հանդէպ Նուպարեանի երախտագիտութեան, եւ 19-րդ դարու կէսերուն ու վերջաւորութեան, Զմիւռնիոյ մտաւոր կեանքին վրայ Փափազեանի ունեցած ազդեցութեան նկարագրութեան համար, տե՛ս Մեսրոպ Նուպարեան, «Իզմիրի հայոց զարգացումը ասկէ կէս դար առաջ», Տարեցոյց Նշան-Պապիկեան 1907 (Կ. Պոլիս: Նշան Պապիկեան, 1906), 9-15
  12. [12] Երկրորդական աղբիւրները հետեւողական տեղեկութիւններ չեն տար Արամ-Կարապետի մահուան տարիին մասին, բայց հետեւեալ մահագրութիւնը կը հաստատէ, որ ան մահացած է 1901-ին: «Կարապետ Տէտէեան», Արեւելեան մամուլ 31, թիւ 6 (1901): 249-250:
  13. [13] Երկրորդական աղբիւրները հետեւողական տեղեկութիւններ չեն տար Ստեփանի մահուան տարիին մասին, բայց հետեւեալ մահագրութիւնը կը հաստատէ, որ ան մահացած է 1906-ին: Մեսրոպ Նուպարեան, «Տիար Ստեփան Տէտէեան», Արեւելեան մամուլ 36, թիւ 45 (1906): 1124-1125:
  14. [14] Նուպարեան, «Իզմիրի հայոց զարգացումը», 12; Քօսեան, Հայք ի Զմիւռնիայ, 273: Քօսեան գրած է, որ ան այլ եղբայր մըն է՝ Սարգիսը, որ օգնած է հիմնադրելու եւ ղեկավարելու մամուլը, բայց վերի մահագրութենէն մենք կ'իմանանք, որ իսկապէս Ստեփանն էր, որ օգնեց հիմնադրելու մամուլը եւ ղեկավարեց զայն Տիգրան-Յարութիւնի մահէն ետք: 
  15. [15] Քօսեան կը գրէ, որ Տէտէեանները Փարիզ գացած էին մամուլ գնելու համար (Քօսեան, Հայքի Զմիւռնիա, 273), մինչդեռ Մեսրոպ Նուպարեան կը նշէ, որ անիկա գնուած էր Զմիւռնիոյ Մեսրոպեան վարժարանէն, ուր ամերիկեան մամուլ մը կը գործէր 1840-ականներու սկիզբը: Նուպարեան, «Կենսագրական. Տիգրան Յարութիւն Տէտէեան», մաս 3, 151:
  16. [16] Գրիգոր Չիլինկիրեան, “Զմիւռնիաբնակ հայոց յառաջադիմութիւնը,” Ծաղիկ 1, թիւ 26 (1862): 210:
  17. [17] Օրինակի համար, տե՛ս «Ազդ», Ծաղիկ 2, թիւ 55 (1863): 449:
  18. [18] Հայերէն տպագիր մամուլին մասին մատենագիտական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ Արփի արարատեանը փակուած է 1856-ին, բայց ես չեմ տեսած որեւէ թիւ կամ յղումներ 1855-էն ետք հրատարակուած համարներու: 
  19. [19] «Յառաջաբան», Արփի արարատեան 2, թիւ 1 (1854): 3
  20. [20] Այս պարբերականներու քննութեան համար, տե՛ս Մ. Ն. Յակոբյան, Զմյուռնահայ պարբերական մամուլը (1861-1880) (Երեւան: Հայկական ՍԱՀ ԳԱ հրատարակչություն, 1987): 
  21. [21] Հայաստանի ազգային գրադարանը ունի թուայնացուած համարները՝ թիւ 1-էն 12, բայց Գրիգորիս Գալէմքեարեան կը նշէ, որ Յաւերժահարս հրատարակած են նաեւ 13 եւ  14 համարներ՝ Յուլիսին, մինչեւդադրիլը՝ Օգոստոսին: Հայր Գրիգորիս Գալէմքեարէան, «Պատմութիւն հայ լրագրութեան 1860-էն մինչեւմեր օրերը», Հանդէսամսօրեայ 11, թիւ 9 (1897): 272:
  22. [22] «Կարեւոր ծանուցում», Յաւերժահարս 1, թիւ 3 (1862): 17:
  23. [23] Նոյնը:
  24. [24] An American, Constantinople and its Environs, vol. 2 (New York, Harper & Brothers, 1835), 132
  25. [25] Պոլիս ծնած գրող Արմենակ Հայկունին կը նկատուի համախմբագիրը պարբերականին՝ անոր լոյս ընծայման առաջին տարուան ընթացքին: Այդ ժամանակ, Հայկունի կ'ապրէր Զմիւռնիա եւ անգլերէն կը դասաւանդէր Մեսրոպեան վարժարանին մէջ: Վ.Գ. Զարդարեան, խմբ., Յիշատակարան, հ. 1 (Կ. Պոլիս:Նշան Պապիկեան, 1910), 11
  26. [26] Քաղաքական պատճառներով, 109-էն (1865 Ապրիլ) մինչեւ 134 համարները (1867 Մայիս) կը հրատարակուէին  Պոլսոյ մէջ, եւ Զարեհ Ստեփանեան պաշտօնապէս կը փոխարինէր Չիլինկիրեանը իբրեւ խմբագիր, թէեւ ան կը շարունակէր յօդուածներ հրապարակել իր անունով եւ Պերճ կեղծանունով: 
  27. [27] “Ազգային իշխանութեան պաշտօնը,” Ծաղիկ 3, թիւ 90 (1864): 223:
  28. [28] Ինչ կը վերաբերի Չիլինկիրեանի բանտարկութեան եւ հալածանքներուն, որոնց ան ենթարկուեցաւ Ծաղիկ-ի մէջ արտայայտած իր տեսակէտներուն համար, տե՛ս Պ. [Գրիգոր Չիլինկիրեան], «Տքնութիւնք ի բանտի», Ծաղիկ 4, թիւ 109 (1865)՝ 370-375:
  29. [29] 1862 եւ 1863 թուականներու որոշ թիւերուն մէջ, Ծաղիկ-ի վերջին էջին վրայ կը տեսնենք նշում մը, թէ  տպարանը պատասխանատու չէ հանդէսիս պարունակութեանը՝ ենթադրել տալով, որ Տէտէեան հրատարակչատունը բողոքներ ստացած է հանդէսին մէջ քննարկուած թեմաներուն մասին: 
  30. [30] Այս յօդուածներուն որոշ օրինակներ կ'ընդգրկեն «19-րդ դարու կինը», Ծաղիկ 2, թիւ 56 (1863): 461-463; Յակոբ Ս. Գուրգէնեան, «Քանի մը խօսք իգական սեռին նկատմամբ», Ծաղիկ 3, թիւ 80 (1864): 137-139, եւ Հայուհի Մ. Գ., «Բոլոնիացի կիներըը», Ծաղիկ 4, թիւ 108 (1865): 364-366: Երրորդ յօդուածը ֆրանսերէնէ կատարուած թարգմանութիւն մըն է, զոր ստորագրած է կին մը՝ օգտագործելով միայն Մ.Ք. սկզբնատառերը: Կ'ենթադրեմ, որ յիշեալ թարգմանիչը Մարիամ Գազտաղլեանն է, Չիլինկիրեանի ապագայ կնոջ քոյրը եւ ապագայ քարտուղարը որբացած աղջիկներով զբաղող Զմիւռնիոյ բարեսիրական կազմակերպութեան՝ Հոգատար-Որբախնամ Ընկերութեան (Քօսէան, Հայք ի Զմիւռնիայ, 208): Հետագային, ան կ'ամուսնանայ Մատթէոս Մամուրեանի հետ, որ Վերթէր-ի գործին իր թարգմանութիւնը սիրով կը նուիրէ անոր: 
  31. [31] Հայկ Ղազարյան, Գրիգոր Չիլինկիրյան (Երեւան: Հայպետհրատ, 1959), 21-28։
  32. [32] Գալուստ Կոստանդեան, Գանկաբանութիւն համառօտ (Զմիւռնիա: Տպարան Եղբարց Տէտէեան, 1858), Զ-Է:
  33. [33] Նոյնը, Ը:
  34. [34] Նոյնը, Թ-Ժ:
  35. [35] Նոյնը, ԺԱ:
  36. [36] Սեպուհ Ասլանեան կը քննարկէ տասնիններորդ դարու հայկական դաւանանքներու թերի ուսումնասիրուած երեսը՝ իր յառաջիկայ Early Modernity and Mobility: Port Cities and Printers Across the Armenian Diaspora, 1512-1800 խորագրեալ գիրքին իններորդ գլխուն տակ: 
  37. [37] Նուպարեան, «Կենսագրական. Տիգրան Յարութիւն Տէտէեան» մաս 3, 149-150։
  38. [38] Մատթէոս Մամուրեան (Վրոյր), «Իմ յուշագրերս», Երկեր (Անթիլիաս, Տպարան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1990), 362-363; Մեսրոպ Նուպարեան, «Իմ մանկական յիշատակներէս», Արեւելեան մամուլ 24, թիւ 13 (1894): 405-406
  39. [39] Այս գիրքին միակ ծանօթ օրինակը պահուած է Բրիտանական գրադարանին մէջ, որ կը պարփակէ հրատարակութիւններու տպաւորիչ հաւաքածոյ մը Տէտէեան հրատարակչատան գործերէն: Յատկանշականօրէն, անոր հաւաքածոն կ'ընդգրկէ շարք մը հրատարակութիւններ, որոնք դուրս մնացած են հայ տպագիր մամուլի մատենագիտութիւններէն եւ որոնք նշուած չեն Հայաստանի ազգային գրադարանի գրացուցակին վրայ: 
  40. [40] Տիգրան Յարութիւն Տէտէեան, Նոր ընթերցարան (Զմիւռնիա: Տպագրութիւն Տէտէեան, 1868), 3:
  41. [41] Հրանտ Ասատուր, Դիմաստուերներ (Կ. Պոլիս՝ Կ. Քէշիշեան որդի, 1921), 132:
  42. [42] Մատթէոս Մամուրեան, Համառօտ ընդհանուր պատմութիւն դպրոցաց համար. հին պատմութիւն արեւելեան ժողովրդոց. մասն Ա (Զմիւռնիա: Տպագրութիւն Տէտէեան, 1875), 4
  43. [43] Նոյնը, 3-4:
  44. [44] Տե՛ս, օրինակի համար, Գրիգոր Չիլինկիրեան, «Էլիզա կամ վերջին արեւելեան պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցած իրական դէպք մը», Ծաղիկ 1, թիւ 12 (1861): 95:
  45. [45] Գարեգին Վարդապետ Սրուանձտեանց, նախաբան Անուշաւան-ի, Ծերունին Գաբրիէլ Պատկանեանին (Զմիւռնիա: Տպագրութիւն Տէտէեան, 1875), ԺԳ
  46. [46] See ԼիակատարգրացանկՊ. Պալենցգրատան(Կ. Պոլիս: Տպագրութիւն Յ. Ասատուրեան որդիք, 1922); and ԸնդարձակգրացանկՊիմէնԶարդարեանգրատան(Կ. Պոլիս: Առեւտրական տպարան Մ. Յովակիմեան, 1928):
  47. [47] Գրիգոր Չիլինկիրեան, թարգմանչին նախաբանը երկրորդ հրատարակութեան, Դարուս մէկ զաւակին խոստովանանքը, հ. 1, Ալֆրետ տը Միւսէ (Զմիւռնիա՝ Տպագրութիւն Տէտէեան, 1874), 3-4:
  48. [48] Մեսրոպ Նուպարեան, «Կենսագրական. Տիգրան Յարութիւն Տէտէեան», մաս 2, Արեւելեան մամուլ 31, թիւ 3 (1901): 103:
  49. [49] Գրիգոր Չիլինկիրեան, թարգմանչին նախաբանը Մաթիլտ` Նորատի կնոջ մը յիշատակները, հ. 1, Էօժէն Սիւ (Զմիւռնիա. Տպագրութիւն Տէտէեան, 1870), 6. Շնորհակալութիւն Հայկական ուսմանց եւ հետազօտութեանց ազգային ընկերակցութենէն (NAASR)՝ Մարք Մամիկոնեանին եւ Անի Պապաեանին, այս նախաբանը յատուկ ինծի համար լուսապատճէնահանելուն համար: 
  50. [50] Մեսրոպ Նուպարեան, «Կենսագրական. Տիգրան Յարութիւն Տէտէեան», մաս 4, Արեւելեան մամուլ 31, no. 5 (1901):192:
  51. [51] 1909 նշող մահուան թուականին աղբիւրն է Քրիսթիան Տէտէեան, Les Dédéyan, 29-30: Նկատի առնելով, որ անոր նշած շարք մը թուականները անճիշդ դուրս եկած են, ես այս թուականը կ'առնեմ իբրեւ մօտաւորութիւն: 
  52. [52] Երկրորդական աղբիւրները հետեւողական չեն ինչ կը վերաբերի Չիլինկիրեանի մահուան թուականին: Այսուհանդերձ, անոր մեծ եղբօրորդին՝ Տենիս Ֆինինկը, իր հաւաքածոյին մէջ ունի նամակ մը ստորագրուած ամերիկացի բողոքական պատուելիի մը կողմէ, որ կատարած է Չիլինկիրեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը՝ հաստատելով, որ ան մահացած է տունը, Զմիւռնիոյ Կէօզթեփէ արուարձանին մէջ, 26 Յունուար 1923-ին: Չիլինկիրեան հաւանաբար այն սակաւաթիւ հայերէն մէկն էր, որ 1922 Սեպտեմբերի հրդեհէն յետոյ մնացած էր Զմիւռնիոյ եւ շրջակայքին մէջ: 
  53. [53] Այս գիրքին կողքը կը նշէ վեցերորդ տպագրութիւն մը, բայց ես ոչ մէկ փաստ չկրցայ գտնել, որ 1922-ի չորրորդ տպագրութեան եւ այս 1927-ի տպագրութեան միջեւ այլ հրատարակութիւն մը եղած է: Ես զայն կը նկատեմ սխալ եւ 1927-1929-ի հրատարակութիւնը կ'անուանեմ հինգերորդ տպագրութիւն: 
  54. [54] Հայաստանի Ազգային Գրադարանի ցուցակին վրայ, այս թարգմանութիւնը սխալմամբ վերագրուած է Սահակ էթմէքճեանին: Թէեւ էթմէքճեան իսկապէս թարգմանիչ էր 1870-ականներուն, ան անգլերէնէ կը թարգմանէր ոչ-գեղարուեստական գործեր եւ ընդհանրապէս կ'աշխատէր Պոլսոյ մէջ եւ, ըստ ամենայնի, կապ չէ ունեցած Զմիւռնիոյ հետ: Սօֆի Կ. Էքիզլէր բնիկ զմիւռնացի էր եւ Ստեփան Տէտէեանի կնոջ քոյրը:  Տակաւին, այդ օրերուն, կնոջ մը միջանկեալ սկզբնատառը կը համապատասխանէր իր հօր անուան առաջին տառին՝ մինչեւ ամուսնութիւն, եւ ամուսնոյն անուան առաջին տառին՝ ամուսնութենէ յետոյ: Սօֆիին հայրը հանրածանօթ Կարապետ Էքիզլէրն էր, ինչ որ կը բացատրէ անոր «Կ.» միջանկեալ սկզբնատառը: Նաեւ՝ թարգմանութիւնը նուիրուած էր Յակոբ Սպարթալիին՝ իր ապագայ աներոջ:  Վերջապէս, Մեսրոպ Նուպարեան գրած է, որ Էքիզլէր թարգմանութիւններ տպագրած է Տէտէեան հրատարակչատան հետ, իսկ Քրիսթիան Տէտէեան զինք առնչած է յատկապէս Կրազիէլլայ-ի հետ: Տե՛ս Նուպարեան, «Կենսագրական. Տիգրան Յարութիւն Տէտէեան», մաս 4, 192, եւ Dédéyan, Les Dédéyan, 107: Շնորհակալութիւն Սօֆիի շառաւիղներէն՝ Ալեքսանտր Վլատեսքոյին՝ իր ընտանիքին պատմութեան մասին տեղեկութիւն փոխանցելուն համար:
  55. [55] Նուպարեան, “Կենսագրական. Տիգրան Յարութիւն Տէտէեան,” մաս 4, 193:
  56. [56] Մամուրեան իր հրատարակչատան հիմնադրութիւնը յայտարարած է Արեւելեան ՄամուլՄայիս 1883-ի թիւին մէջ: 
  57. [57] Ալբերտ Խառատեան կը գրէ, որ մամուլը շարունակած է գործել մինչեւ 1893, բայց ես 1892-էն ետք հրատարակութեան որեւէ փաստ չունիմ: Ա. Ա. Խառատյան, Հասարակական միտքը Զմյուռնիայի հայ պարբերական մամուլում (1840-1900) (Երեւան: ՀՀ ԳԱԱ «Գիտություն» հրատարակչություն, 1995), 39: 
  58. [58] Նուպարեան, «Կենսագրական. Տիգրան Յարութիւն Տէտէեան», մաս 3, 150-151:
  59. [59] Ս. Տէտէեան, Կոմս Մօնթէ-Քրիսթոյ-ի երկրորդ տպագրութեան նախաբանը, հ. 1, Ալեքասանտր Տիւմա (Զմիւռնիա: Տպագրութիւն Տէտէեան, 1872), 1: